image

Պալեաններու Legacy-ն Երուսաղէմէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ

Պալեաններու Legacy-ն Երուսաղէմէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ

Սաղիմահայ համայնքին համար յարգուած անուն հանդիսացող Պալեաններու տաղանդին մասին տարբեր առիթներով գրած է «Արեւելք»։

Գրած ենք վերջին տարիներուն մեզմէ առ յաւէտ հեռացած եւ Պալեան ընտանիքի երէց սերունդի սիւն համարուող Մարի Պալեանի, անոր որդւոյն Նշան Պալեանի եւ անշուշտ Պալեաններու նորահաս սերունդին մասին գլխաւորութեամբ՝ Սեդրակ Պալեանի։

Այս առումով ալ սրտի անխառն գոհունակութեամբ վերահասու կը դառնանք, որ Մարի Պալեանի ձեռքով կերտուած գեղանկարները, որոնք նախատեսուած են յատկապէս սալիկներու վրայ երփնագրուելու համար օրերս յատուկ պատուէրով մը վերարտադրուած են հասած Միացեալ Նահանգներ։

Եղածն ինքնին կարեւոր եւ մեծ ապացոյց է, որ տարիներ առաջ Տիկին Մարիի շնորհաշատ ձեռքերով ստեղծուած պատկերները ինչպիսի արժէք եւ «ծանրութիւն» կը ներկայացնեն, պահանջարկ ունին եւ հանգիստ կերպով ալ, որպէս «իսկական դեսպաններ» կը ներկայացնեն մեր ժողովուրդի տաղանդաւոր շունչն ու ոգին։

 Այս գրառումը անշուշտ մեծ առիթ մըն է, անգամ մը եւս լոյսին տալու Պալեաններու տաղանդը եւ անգամ մը եւս երկու ձեռքով յաջողութիւն մաղթելու անոնց անաղարտ առաքելութեան։

 

 Լուսանկարները ՝ Մարի Պալեանի ձեռամբ ստեղծուած պատկերները ու անոնց վերարտադրուած սալիկը։