image

Պաղեստինցի քաղբանտարկեալներ. «Իրավիճակը պիտի բարդացնենք»

Պաղեստինցի քաղբանտարկեալներ. «Իրավիճակը պիտի բարդացնենք»

Պաղեստինեան բանտարկեալներու շարժումը յայտարարած է, որ վաղը` Ուրբաթ, «Զայրոյթի օր» պիտի ըլլայ բանտի վարչակազմի որոշումներուն դէմ:

Շարժումը հաղորդագրութեամբ նշած է, որ իսրայլեան բանտերուն մէջ «մագլցողական եւ եռման» վիճակ կայ:

Շարժումը նշած է, որ իսրայէլեան միջոցառումներու սրման կը դիմակայէ «աննախադէպ միասնութեամբ»` յաւելելով, որ «իսրայէլեան բանտերու վարչակազմը որոշած է հատել բանտարկեալներու հանգստեան ժամանակը եւ թոյլ չտալ անոնց տեսնել զիրար»:

Բանտարկեալները խիստ ուղերձ յղած են, որ մագլցողական քայլերը պիտի հասնին մինչեւ «հատուածներու եւ սենեակներու հրկիզում եւ հացադուլ»:

Շարժումը իր յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ «բանտերէն ներս մարտը չէ դադրած եւ պիտի չդադրի», կոչ ընելով պաղեստինեան ժողովուրդին՝ բոլոր վայրերուն մէջ համախմբուելու «մեր հարցին շուրջ եւ մասնակցելու բոլոր գործողութիւններուն»:

Շարժումը նաեւ կոչ ըրած է վաղը՝ Ուրբաթ օրուայ քարոզները յատկացնել՝ խօսելու բանտարկյալներու եւ անոնց ապստամբութեան, հիւանդ բանտարկեալներու եւ անոնց տառապանքներուն մասին, շեշտելով որ պայքարը «պիտի չդադրի այնքան ժամանակ, քանի դեռ բանտի վարչակազմը չէ չեղարկած իր ճնշող միջոցները, որոնք ապարդիւն։ կը փորձեն կոտրել մեր կամքը»։