image
Հրատապ լուրեր:

Օտար զինուժի ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ գործերու վիճակը բարդացնող գործօն է. Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը՝ հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններու մասին

Օտար զինուժի ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ գործերու վիճակը բարդացնող գործօն է. Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը՝ հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններու մասին

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հեռախօսազրոյցին անդրադարձած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համատեղ զօրավարժութիւններուն՝ նախազգուշացնելով, որ տարածաշրջանին մէջ որեւէ օտար զինուժի ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ գործերու վիճակը բարդացնող գործօն է:

Ինչպէս յայտնած է «ԻՌՆԱ» գործակալութիւնը, իրանցի նախարարը շեշտած է տարածաշրջանային խնդիրներու լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հասնելու կայուն խաղաղութեան:

Ապտոլլահեանի համոզմամբ՝ երկխօսութիւնն ու տարածաշրջանային մեխանիզմները, ներառեալ 3+3 ձեւաչափը (Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) համապարփակ խաղաղութեան հասնելու ամենարադիւնաւէտ ուղիներն են:

Յիշեցնենք, որ 11 սեպտեմբերէն Հայաստանի մէջ մեկնարկած են հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններ: