Արդէն 7 -րդ օրն է, որ Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարուած։
Ճիշդ է, այսօր այս մասին ցարդ պաշտօնական լրատւութիւն չէ եղած, սակայն լրահոսին մէջ տեղ գտած անհատական վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ցամաքային ճանապարհը կը շարունակէ մնալ փակ։
Քաղաքին մէջ կեանքը բնականոն հունով կ՚ընթանայ, բայց եւ այնպէս եթէ իրադրութիւնը չփոխուի, ապա մարդասիրական լուրջ խնդիրներ կրնան առաջանալ Արցախի ողջ տարածքին։
Պիտի հետեւինք զարգացումներուն։