Աստանայի մէջ մեկնարկած են Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի պատուիրակութիւններու 20-րդ բանակցութիւնները՝ յայտնած են լրատուամիջոցները:
Բանակցութիւններն Ռուսիան ներկայացուցած է արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Թուրքիան՝ արտաքին գործոց փոխնախարար Պուրաք Աքչափարի, Իրանը՝ արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով խորհրդական Ալի Ասքեր Հաճիի։
Հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ Սուրիոյ կառավարութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Այման Սուսայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը՝ Ահմետ Թումանի գլխաւորութեամբ: