image

Նուիրեալ կրթական մշակ Մարի Սեմէրճեանի կորուստը

 Նուիրեալ կրթական մշակ Մարի Սեմէրճեանի կորուստը

 

Երեւանի մէջ օրերս իր մահկանացուն կնքած է Հալէպի մէջ կրթական գործունէութիւն ծաւալած, սերունդներու դաստիարակ ՝ Մարի Սեմերճեանը։

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը երկար տարիներ եղած է անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի եւ մասնաւորապէս դասաւանդանած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի «Լազար Նաճարեան ճեմարան»էն ներս։

 Վերջին տարիներուն ան փոխադրուած էր ու կ՚ապրէր Երեւանի մէջ։

 Մարի Սեմերճեանի շիջումով ոսկեայ էջ մը եւս կը փակուի Հալէպի մէջ հայեցի դաստիարակութիւն տուած սերունդի մը ոսկեայ էջէն, որ ծառայեց խոնարհաբար եւ իր կարելին նուիրաբերեց յանուն մատղաշ սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան։

Խորին ցաւակցութիւններ։