Օրերս Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նուիրեալ հայուհի, ՀՕՄ-ի անդամներէն՝ Ժանէթ Մարգարեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։
Նշենք, որ հանգուցեալը կինն է Ամերիկահայ (արմատներով՝ Իրաքէն) թատերագիր եւ բանաստեղծ՝ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանին։ Այս առթիւ կը յայտնենք մեր վշտակցութիւնները եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այս տխուր առթիւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ հրապարակուած մահագրականը։
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ ՀՕՄ-ի համայն ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ՝ Ընկերուհի Ժանէթ Մարգարեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Փետրուար 25, 2024ին։
Վաստակաշատ եւ նուիրեալ ՀՕՄուհի Ընկերուհի Ժանէթ Մարգարեանը եղած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ 1989-էն մինչեւ 1992 թուականները եւ իր մասնակցութիւնը բերած է ԿՎ-ի յանձնախումբերուն, յատկապէս ՀՕՄ-ի Կրթաթոշակի յանձնախումբի աշխատանքներուն։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերուհիին սգակիր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ՀՕՄի բոլոր անդամներուն։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի