ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Նորվեկիոյ թագաւորութեան նորանշանակ դեսպան Հելեն Սանտ Անտրեսընը (նստավայրը՝ Թիֆլիս), հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնելու առիթով:
Արտաքին գործերու նախարարի տեղակալը շնորհաւորած է Հելեն Սանտ Անտրեսընը պատասխանատու առաքելութիւնը ստանձնելու համար եւ յոյս յայտնեց, որ նորանշանակ դեսպանը իր գործունէութեամբ կը նպաստէ հայ-նորվեկիական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման եւ օրակարգի առաւել ընդլայնման:
Զրուցակիցները վերահաստատեցին քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման եւ առկայ ներուժի լիարժէք օգտագործման ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը: Դեսպան Անտրեսըն տեղեկացուց, որ «Team Europe» նախաձեռնութեան շրջանակներում Նորվեգիան «Moderna» պատուաստանիւթի զգալի խմբաքանակ պիտի տրամադրէ Հայաստանին։
Հանդիպման ընթացքին նախարարին տեղակալը զրուցակիցին համապարփակ կերպով ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը։ Այս ծիրէն ներս կարեւորուած է Ղարաբաղեան խաղաղ գործընթացի լիարժէք վերսկսման անհրաժեշտութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ։