image
Հրատապ լուրեր:

Նոր ոգի մը հայոց համար. 20 ծնունդներ, 31 նոր յղիութիւններ. Պատերազմին զոհուածներու ընտանիքները կը համալրուին

Նոր ոգի մը հայոց համար. 20 ծնունդներ, 31 նոր յղիութիւններ. Պատերազմին զոհուածներու ընտանիքները կը համալրուին

Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան «Անպտղութեան յաղթահարման» պետական ծրագիրով ցուցանիշները տարուէ տարի կը բարելաւուին: «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետ Նունէ Փաշայեան նշեց, որ տարուէ տարի կ՛աւելնայ շահառուներու թիւը:

«Եթէ 2021ին ամբողջ տարուայ ընթացքում ծրագրի շրջանակում սպասարկուել է 917 շահառու, ապա այս տարուայ միայն առաջին կիսամեակում արդէն 577 շահառու է սպասարկուել: Ասեմ, որ այս տարուայ առաջին կիսամեակում ծրագրի շրջանակում ծնուել է 44 երեխայ: Եւ այս տարուայ առաջին 6 ամիսներին գրանցուել է 104 նոր յղիութիւն: Դեռ չեմ խօսում նախորդ տարի արձանագրուած յղիութիւնների մասին, որոնց ծնունդները սպասում ենք տարուայ երկրորդ կէսին», նշեց Փաշայեան:

Ծրագիրէն օգտուելու իրաւունք ունեցողներուն բոլոր ծախսերը կը հոգայ պետութիւնը՝ մինչեւ ծննդաբերութիւն։ Ծրագիրի շահառու կրնան դառնալ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը, սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները, զինուորներուն եւ զինուորական աստիճանի հաւասարեցուած անձեր: Ըստ փոփոխութիւններուն՝  44օրեայ պատերազմէն ետք ծրագիրի շահառուներ դառնալու իրաւունք տրուած է զոհուածներու ծնողներուն: 2022ին կատարուած փոփոխութեամբ՝ շահառուներու մէջ ներառուեցան անյայտ կորսուած նկատուողներուն եւ 44օրեայ պատերամէն ետք սահմանին վրայ զոհուած զինուորներու ծնողները:

Ծրագիրի ծիրին մէջ, պատերազմի, ռազմական գործողութիւններու պատճառով զոհուածներուն ընտանիքներուն մէջ արդէն 20 մանուկներ ծնած են եւ կան 31 նոր յղիութիւներ:

«Անպտղութեան յաղթահարման» պետական ծրագիրին յատկացուած գումարը եւս աւելցած է՝ 2020ին 300 միլիոն դրամ էր, 2021ին կատարուած է 500 միլիոն դրամի աշխատանք,. 2022ի համար պետական ֆինանսաւորումը կը կազմէ 917 միլիոն դրամ: