«Ներառնենք նոր սերունդը մեր հաւաքական կեանքէն ներս» երիսարդներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ԱՄՆ Արեւմտեան ափ տուած հովուապետական այցի ծիրէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ , Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Փիլիպոսի, Ֆերահեանի, Մեսրոպեանի, Շամլեանի եւ Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարաններու երիտասարդութեան հետ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Փիլիպոսի, Ֆերահեանի, Մեսրոպեանի, Շամլեանի եւ Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարաններու երիտասարդութեան հետ։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէն Սիւզի Օհանեան, որ ողջունելէ եւ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք Վեհափառ Հայրապետին, հրաւիրեց յիշեալ վարժարաններու ներկայացուցիչ աշակերտները, որպէսզի ուղղեն իրենց սիրտի խօսքը։
Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան խօսք առնելով՝ ընդգծեց, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը այստեղ պատմական ու եզակի առիթ մըն է, որուն յարգն ու պատիւը պէտք է գիտնայ ու ունենայ իւրաքանչիւր երիտասարդ։ Նորին Սրբութիւնը իր հովուապետական բոլոր այցելութիւններուն միշտ կարեւոր տեղ տուած է երիտասարդներու հետ հանդիպում ու զրոյց ունենալու, որովհետեւ անոնք մեր ազգի ներուժն ու ներկան են, ինչպէս նաեւ՝ ապագան։
Ապա, ներկայ երիտասարդներուն իր հայրապետական խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։ «Ընդունելի չէ, որ երիտասարդութեան նկատմամբ անտարբեր մօտեցում ունենանք: Ընդունելի չէ, որ երիտասարդութիւնը նկատենք մեր կեանքի լուսանցքին վրայ գտնուող անհատներու խում մը: Երիտասարդութիւնը մեր հաւաքական կեանքին մաս կը կազմէ: Այս գիտակցութեամբ հարկ է մօտենալ անոր: Երիտասարդութիւնը ըսելիք ու ընելիք ունի մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Թէ՛ համալսարանական ուսում ունեցող եւ թէ՛ կեանքի փորձառութեամբ կազմաւորուած մեր երիտասարդները պէտք է մաս կազմեն մեր կեանքի բոլոր մարզերուն՝ բոլոր մակարդակներու վրայ: Այս յիշեցումը կատարած եմ միշտ եւ պիտի կատարեմ, ո՛չ միայն հանդիպելով երիտասարդութեան հետ, այլ նաեւ մեր մարմիններու պատասխանատուներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ», այս հայրապետական պատգամով Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարեց երիտասարդներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին:
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր պատգամը՝ ըսաւ. «երբ երիտասարդութեան հետ հանդիպում կ՚ունենամ՝ զայն կը նկատեմ երկխօսութիւն: Ինչպէս դուք կը լսէք ու պէտք է լսէք զիս, այնպէս ալ ես պէտք է լսեմ ձեզ: Այս մօտեցումը պէտք է ունենանք մեր ընտանիքներէն ու կազմակերպութիւններէն ներս, ինչպէս կ՚ըսեն անգլերէն one way traffic ընդունելի չէ: Մենք պէտք է լսենք երիտասարդները. անոնք ըսելիք ունին, մտահոգութիւններ, սպասումներ ու տագնապներ ունին: Անոնք պիտի բաժնեն զանոնք մեզի հետ»: Իր խօսքին մէջ անդրադառնալով այժմէական հարցերու՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «այսօր կը դիմագրաւենք դժուարութիւններ՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, ճարտարագիտութիւն, Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալու տագնապ եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել: Ես որեւէ տագնապ կը բնորոշեմ իբրեւ մարտահրաւէր: Այս բոլորին մասին մեր երիտասարդները պէտք է գիտնան եւ ծանօթութենէ ու գիտակցութենէ բխող ըսելիք պէտք է ունենան: Ահա ասոր համար ես պատրաստ եմ լսելու մեր երիտասարդները»: Նորին Սուրբ Օծութիւնը շեշտելով երիտասարդութեան կողմէ մեր ազգային կեանքին մէջ ներմուծուելիք նոր շունչին՝ ըսաւ. «հեռո՛ւ մնացէք մակերեսային մօտեցումներէ, ուրիշներու ըսածները կրկնելէ: Եղէք այնպէս, ինչպէս որ էք, սակայն ձեր անձերը դիտելով մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս», եզրափակեց իր պատգամը Վեհափառ Կաթողիկոսը:
Հայրապետին խօսքէն ետք, երիտասարդները հարցումներ ուղղեցին անոր՝ եկեղեցւոյ, Սփիւռքի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս համազգային հարցերու առնչուած նիւթերու շուրջ: Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւններն ու լուսաբանութիւնները տուաւ երիտասարդներուն:


