ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որ Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ բարգաւաճման բանալին է։
Այս մասին Twitter ընկերային ցանց էջին գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինան։
«Սա լաւ նորութիւն է, եւ կարեւոր է, որ սա երկկողմանի ջանքերու արդիւնք էր՝ առանց միջնորդներու (նկատի ունի Պաքուէն հինգ հայ ռազմագերիներու վերադարձը)։ ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որ Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ բարգաւաճման բանալին է»,- գրած է պաշտօնեան: