image
Հրատապ լուրեր:

ՆԱԹՕ կամ Կրինլանտ. Այդ մասին արտայայտուած է Թրամփ

ՆԱԹՕ կամ  Կրինլանտ. Այդ մասին արտայայտուած է Թրամփ

Հնարաւոր է ստիպուած ըլլանք ընտրութիւն կատարել Կրինլանտի նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատելու եւ ՆԱԹՕ-ն պահպանելու միջեւ։ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամոն այս դիրքորոշումը յայտարարած է The New York Times-ին տուած հարցազրոյցին։

Հրատարակութեան տուեալներով՝ Թրամփն ուղղակիօրէն չէ պատասխանած այն հարցին, թէ իրեն համար որմէկը աւելի կարեւոր է։ Այնուամենայնիւ, ան ընդունած է, որ կրնայ ընտրութիւն առաջանալ՝ ուրուագծելով իր դիրքորոշումը, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը, ըստ էութեան, անօգուտ է առանց Միացեալ Նահանգներու իր շարքերուն մէջ։

Թրամփ բազմիցս յայտարարած է Կրենլանտը Միացեալ Նահանգներուն միացնելու անհրաժեշտութեան մասին: Իր առաջին ժամկէտի ընթացքին ան առաջարկած էր գնել Կրինլանտը, իսկ 2025 թուականի մարտին վստահութիւն յայտնած էր, որ այն կրնայ բռնակցման ենթարկուիլ՝ սպառնալով Դանիային առեւտրային սակագիներով, եթէ ան հրաժարի: Դանիայի վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսընը կը մերժէ այս պնդումները՝ ընդգծելով, որ կղզին թագաւորութեան մաս կը կազմէ:

Կրինլանտը Դանիայի ինքնավար տարածք է։ 1951-ին Ուաշինկթընը եւ Քոփենհակենը, ՆԱԹՕ-ի շրջածիրէն ներս իրենց պարտաւորութիւններէն բացի, ստորագրած են Կրինլանտի պաշտպանութեան պայմանագիրը։ Ատոր համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները կը պարտաւորուէր պաշտպանել կղզին հնարաւոր յարձակումէ։