Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքինը նոյեմբեր 27-ին այցելած է Անգարա, ուր կայացած հանդիպումներու ժամանակ քննարկուած է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման թեման։ Այդ մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը։
«Երէկ յարգարժան պարոն Նարիշքինը կը գտնուէր Անգարա. ան մեզի ներկայացուց Ռուսիոյ դիրքորոշումը (խմբ.՝ խաղաղութեան ամերիկեան) ծրագրի վերաբերեալ։ Այս թեմայի շուրջ իրադարձութիւններու զարգացումներ կան, եւ մենք գնահատած ենք այս ամէնը», -ըսած է Ֆիտան նոյեմբեր 28-ին Պեռլինի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին։
Միացեալ Նահանգները աւելի վաղ առաջարկած է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման՝ 28 կէտէ բաղկացած ծրագիր։ Նոյեմբեր 23-ին Միացեալ Նահանգները եւ Ուքրանիան Ժընեւի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցած են խաղաղութեան ծրագրի շուրջ։ Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ ծրագրի կէտերու թիւը կրճատուած է մինչեւ 22։
Ըստ ամերիկեան սկզբնական առաջարկի՝ Ուքրանիան պէտք է տարածքային զիջումներու երթայ, հրաժարի ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու ձգտումներէն եւ կրճատէ իր զօրքերու թուաքանակը։