image

Նարեկ Այնթապեանի մահը (Լուսանկար)

  Նարեկ Այնթապեանի մահը (Լուսանկար)

 

 Մուսալեռէն Այնճար հաստատուած աւագ սերունդի մոհիկաններէն մին։ Հայերէն լեզուի մեծ սիրահար եւ ընթերցանութեան ջատագով։ Մեծագոյն երազը եղած է իր որդիներուն ջամբել  բարձրագոյն կրթութիւն, բան մը, որմէ զրկուած է ինչպէս եւ իր սերունդի անդամներէն շատ-շատերը նիւթական դժուարութեանց պատճառով։ 

 

 Աչքերը փակեց իր այնքան սիրելի Այնճար հայաւանին մէջ, որուն այնքան կապուած էր մինչեւ իր կեանքի վերջին պահը։

Այս առթիւ կը յղենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս մեր թերթի բարեկամ՝ Տօքթ. Խաժակ Այնթապլեանին։

 

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այս տխուր առթիւ մեր խմբագրութեանը յղուած հանգուցեալի հակիրճ կենսագրականը։

 

 Նարեկ Այնթապլեան.Մուսալեռ ծնած եւ ապա Այնճար հաստատուած սերունդի վերջին մոհիկաններէն։ Ծնած էր 1933 թուականին Մուսալեռան՝ Վագըֆ գիւղը։ Յաճախած էր Այնճարի Յառաջ վարժարանը, որուն նախակրթարանի բաժինը աւարտելէն ետք ընդունուած էր Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանը սակայն նիւթական դժուարութեան պատճառով չէ կարողացած յաճախել այլ ո նետուած կեանքի ասպարէզ։

 Հանգուցեալը աշխատած ու վաճառատուներ բացած էր նախ Դամասկոսի ապա Զահլէի ու Այնճարի մէջ եւ զբաղած հողամշակութեամբ։

 Մոլի ընթերցասէր էր, ունէր հարուստ գրադարան աւելի քան 500 հայերէն Հ հատորներով։

 Հայր երեք զաւակներու զաւակներ, անդրանիկ որդին՝ Տօքթ. Ասպետ Այնթապլեան՝ ակնաբոյժ որ կ՚ապրի Գերմանիա, դուստրը Լենա Ղազարեան ուսուցչուհի Պէյրութի ազգային Միացեալ վարժարանէն ներս, եւ փոքր զաւակը Տօքթ. Խաժակ Այնթապեան մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ ։

 Նարեկ Այնթապեան անդամ էր ՀՅԴ Այնճարի կարմիր լեռ կոմիտէութեան, երկար ատեն եղած է նաեւ Սուրբ Պօղոս եկեղեցույ թաղական խորհուրդի անդամ։