image

Մոսկուայի նախաձեռնութեամբ եւ Ակնայի ճամբով օգնութիւն՝ Արցախին

Մոսկուայի նախաձեռնութեամբ  եւ Ակնայի  ճամբով օգնութիւն՝ Արցախին

Ռուսական Կարմիր խաչը սննդամթերք տեղափոխող բեռնատար ուղարկած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ակնայի (Աղդամի) ճանապարհով։

Տեղեկութիւնը տարածած է ատրպէյճանական Կարմիր մահիկը։

Նշուած է, որ օգնութիւնը նախաձեռնած է Ռուսիոյ կառավարութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու կարիքները բաւարարելու նպատակով:

Ժամը 14:30-ին պարէնային եւ ոչ պարէնային ապրանքներով բեռնուած բեռնատարը հատած է «Սամուր» անցակէտը: