«Արեւելք»(Լիբանան),-Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի Մեսրոպեան Վարժարանի հռչակը արդէն իսկ տարածուած է, ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելեան կտրուածքով այլ հասած է մինչեւ հեռու-հեռուներ։
Այս առումով ալ եւ ծանօթանալու համար լիբանանահայ վարժարանի առօրեային խումբ մը ռուսահայ հայրենակիցներ օգտուելով Պէյրութ գտնուելու պատեհութիւնէն օրերս այցելած են Մեսրոպեան Վարժարան եւ ընդունուած վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Կրէկուար Գալուստին կողմէ։
Ստորեւ խմբագրութեանս ուղարկուած լրատւութիւնը՝
30 Սեպտեմբերի 2025-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը ընդունեց Մոսկուայէն խումբ մը ուխտաւորներ, գլխաւորութեամբ Գերհ. Հ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Եսայեանի՝ Մոսկուայի եւ յարակից շրջաններու հայ կաթողիկէ համայնքներու ժողովրդապետ եւ Ռուսիոյ հայ կաթողիկէներու աւագերէց։
Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի հետ, որուն առաջնորդութեամբ շրջեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի զանազան բաժանմունքները եւ ծանօթացաւ հաստատութեան ուսումնական ծրագիրներուն։ Այցելուները հիացում յայտնեցին դպրոցին եւ անոր գործունէութեան նկատմամբ՝ մեծ խանդավառութեամբ ընդգծելով անոր ձեռքբերումները հայեցի կրթութան մէջ։
Այցելութիւնը բովանդակալից առիթ մը եղաւ ամուր բարեկամութիւն մը հաստատելու Ռուսիոյ հայ կաթողիկէ համայնքին եւ Մեսրոպեանի միջեւ՝ ամրապնդելով այն կապերը որոնք կը միաւորեն հայ կաթողիկէները աշխարհի տարածքին, յատկապէս հայկական հոգեւոր եւ ազգային ժառանգութեան պահպանման եւ կրթութեան ծիրին մէջ։