image

Մոսկուան ու Երեւանը ռազմավարական նախաձեռնութիւնների կեդրոն կը ստեղծեն

Մոսկուան ու Երեւանը ռազմավարական նախաձեռնութիւնների կեդրոն կը ստեղծեն

Հայաստանն ու Ռուսիան ռազմավարական նախաձեռնութիւններու եւ զարգացման համատեղ կեդրոն կը ստեղծեն: Փեթերպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովի շրջանակին մէջ համապատասխան համաձայնագիր ստորագրեցին ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանն ու Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարար Մաքսիմ Ռեշեթնիքովը:

Վանան Քերոբեան ըսած է, որ «կեդրոնը թոյլ կը տայ լաւագոյն մեթոտաբանութիւնները ներդնել ՀՀ տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներում եւ ինքնատիպ լրացուցիչ հաստատութիւն կը դառնայ Տնտեսութեան նախարարութեան համար»:

Ռուսիոյ մասնագէտները իրենց փորձը պիտի փոխանցեն տարբեր ուղղութիւններով` սակագնային կարգաւորում, ոլորտներու ռազմավարական զարգացում, թուային, վերլուծական տուեալները հաշուի առնելով` խնդիրներու համատեղ ընկալում:

Կեդրոնը պիտի ստեղծուի երկու ամսուան մէջ, պիտի սկսի գործել 2023 թուականին:

Համաժողովի ծիրին մէջ Քերոբեանը առեւտրատնտեսական եւ զբօսաշրջային ոլորտներուն ուղղուած համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեց Թիւմենի մարզի հետ, ինչպէս նաեւ պայմանագիր` մեթրոյի կայարանի շինարարութեան վերաբերեալ (30-40 միլիոն տոլար արժողութեամբ նախագիծ): Խօսքը Հրազդան գետի աջ ափին գտնուող «Աջափնեակ» մեթրոյի կայարանին մասին է: