image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեան-Ռիքըր հանդիպում

Միրզոյեան-Ռիքըր հանդիպում

2 հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Ժընեւի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ, կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի վերջին ռազմական նախայարձակումի մանրամասնութիւնները, կարեւոր նկատած է անոր հետեւանքներու վերացման եւ նոր նախայարձակումներու կանխման գործին մէջ միջազգային գործընկերներու կողմէ յստակ քայլերու կատարումը, նեռարեալ միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ առանձնակի դաժանութեամբ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններուն, որոնց վերաբերեալ տեսանիւթերը ատրպէյճանական կողմը լայնօրէն կը տարածէ ընկերային ցանցերուն մէջ` նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը` մեղաւորները համարժէք պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցերու, միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ: