Յունիս 6-ին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Տերեք Հոկանի հետ: Յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեանն ու կայունութեան առնչուող հարցեր:
Օրեր անց Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուող քննարկումներուն ընդառաջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի առանցքային հարցերուն, այդ շարքին՝ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան ապահովման, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու պատշաճ հասցէագրման շուրջ:
Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է սահմանազատման գործընթացին մէջ հնարաւոր առաւելագոյն որոշակիութեան ապահովման, մասնաւորապէս 1975թ. քարտէզի շուրջ յանձնառութեան կարեւորութիւնը:
Արարատ Միրզոյեան եւս մէկ անգամ ամերիկացի գործընկերոջ ուշադրութիւնը հրաւիրած է բանակցային գործընթացին զուգահեռ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հնչող յարձակողական հռետորաբանութեան վրայ՝ շեշտելով ուժի կիրառման սպառնալիքի բացառման եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգման անհրաժեշտութիւնը: