Զապորոժիէի աթոմակայանի գնդակոծումը կրնայ յանգեցնել աղէտալի հետեւանքներու, որու պատասխանատւութիւնը կը կրեն ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընն ու Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զէլէնսքին։
Նման յայտարարութիւն ըրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի խօսնակ Վիաչեսլաւ Վոլոտինը։
«Ուաշինկթընի եւ Քիեւի ռեժիմի գործողութիւնները միջուկային աղէտի վտանգ կը ներկայացնեն»,-Թելէկրամի իր ալիքին գրած է Վոլոտինը։
Ան ընդգծած է, որ աթոմակայանը կը գնդակոծեն հրթիռներով ու ծանր հրետանիով, որ կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ Ուքրանիոյ շրջաններու մեծ մասի բնակչութեան եւ Եւրոպայի շարք մը երկիրներու համար»,-ըսած է Վոլոտինը։
Զոպորոժիէի աթոմակայանը այժմ ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան ներքոյ է։ Վերջին օրերուն ուքրանական ուժերը քանի մը հարուած հասցուցած են այդ տարածքին՝ օգտագործելով անօդաչուներ, ծանր զինտեխնիկա։