image

Միայն այն գիտենք, որ հայրս Պաքուի հիւանդանոցն է. Վագիֆ Խաչատրեանի աղջիկը լուրեր հերքած է

Միայն այն գիտենք, որ հայրս Պաքուի հիւանդանոցն է. Վագիֆ Խաչատրեանի աղջիկը լուրեր հերքած է

Կարմիր խաչի մեքենայէն ատրպէյճանցիներու կողմէ առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի դուստրը` Վերա Խաչատրեանը, ՄԱԿ–ի երեւանեան գրասենեակի դիմաց է եւ կը պահանջէ, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն` որպէս ամբողջ աշխարհի մէջ լծակներ ունեցող միջազգային կառոյց, տեղեկութիւն յայտնէ իր հօր մասին կամ ձեւով մը օգնէ անոր։

«Հիմա իմ ծնողներն ու հարզատները Արցախում են, ու իմ յոյսը հիմա դուք էք` ՀՀ–ում ապրողները։ Խնդրում եմ` ինձ միայնակ մի թողէք, խնդրում եմ կանգնել իմ կողքին»,–ըսած է ան։

Երէկ Կարմիր խաչէն յայտնած էին, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներն այցելած են Լաչինի միջանցքին մէջ ձերբակալուած հիւանդին, անոր հնարաւորութիւն տրուած է կապ հաստատել ընտանիքի հետ:

Վերա Խաչատրեանը նշած է, որ իրեն կամ միւս հարզատներուն չէ յաջողուած կապ հաստատել հօր հետ։

«Մենք միայն այն գիտենք, որ հայրս Բաքւում է, հիւանդանոցում է»,– նշած է ան։

Վագիֆ Խաչատրեանի դուստրը հերքած է նաեւ այն լուրերը, թէ իր հայրը Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի վարորդը եղած է։

«Այդ առումով տարածուած լուսանկարները կեղծ են, սուտ են, դա իմ հայրը չէ»,– ընդգծած է Վերա Խաչատրեանը։

Ան նաեւ կոչով դիմած է Ատրպէյճանի դատախազութեան, որ նախ ճշդեն իրենց կողմէ հրապարակուող լուրերը, քանի որ ատոնք ոչ մէկ աղերս ունին իրականութեան հետ։