image
Հրատապ լուրեր:

«Միասին պիտի փոխենք աշխարհը». Սի Ծինփինը Փութինին

«Միասին պիտի  փոխենք  աշխարհը». Սի Ծինփինը Փութինին

Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինը երեք օր տեւած պետական այցի աւարտին, հրաժեշտ տալով Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին, ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրած է։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:

Փութին դուրս եկած է Քրեմլինի մեծ պալատի մուտքի մօտ՝ Սի Ծինփինը ճանապարհելու։ Դրան մօտ առաջնորդները կանգնած են հրաժեշտի խօսքեր փոխանակելու համար։

«Ճիշդ հիմա տեղի կ'ունենան փոփոխութիւններ, որոնք չէին եղած հարիւր տարի, եւ մենք միասին կ'առաջնորդենք այդ փոփոխութիւնները», -ըսած է Չինաստանի ղեկավարը երկար ձեռքսեղմման ժամանակ։

«Համաձայն եմ»,- պատասխանած է Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարը։ 

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան ղեկավարի պաշտօնին վերընտրուելէ ետք Ռուսիան եղած է Սի Ծինփինի այցելած առաջին երկիրը։ Անոր այցը տեւած է երեք օր՝ մարտ 20-էն մինչեւ 22-ը։ Առաջին օրը Չինաստանի ղեկավարն ու Ռուսիոյ նախագահը ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած էին։ Երէկ՝ մարտ 21-ին, Քրեմլինի Մեծ պալատին մէջ երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին ընդլայնուած կազմով։ Հանդիպումէն ետք Սին եւ Փութինը ստորագրած են յայտարարութիւն տնտեսական համագործակցութեան ծրագրերու եւ գործընկերութեան խորացման ծրագրերու մասին: