image

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ուրան գնել Ռուսիայէն. Լաւրով

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ուրան գնել Ռուսիայէն. Լաւրով

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ուրան եւ այլ կարեւոր նիւթեր գնել Ռուսիայէն, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

«Ստիպելով Եւրոպական Միութեան հրաժարիլ ռուսական ամէն ինչէն՝ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ուրան եւ այլ կարեւոր նիւթեր գնել Ռուսիայէն»,-ըսած է Լաւրով Ուքրանիոյ շուրջ իրավիճակի կարգաւորման թեմայով դեսպանական կլոր սեղանի ժամանակ։

Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները «իր էկոիստական օրէնքներով կը ստիպէ» եւրոպական ընկերութիւններուն հրաժարիլ ռուսական ուժանիւթի միջոցներէն՝ յօգուտ ամերիկեան թանկարժէք հեղուկացուած բնական կազի(СПГ):