image

Միացեալ Նահանգներ մտահոգ է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութեամբ

Միացեալ Նահանգներ մտահոգ է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութեամբ

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը կը շարունակէ անհանգստութիւն առաջացնել։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նետ Փրայսը։

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին շարունակուող յարձակումներով։ Մենք կը տեսնենք, որ գրոհներն արդէն երկրորդ օրն է կը շարունակուին։ Յատկապէս մտահոգիչ են Հայաստանի տարածքին խաղաղ բնակչութեան շրջանին զոհերու մասին հաղորդագրութիւնները»,- ըսած է ան։ ԱՄՆ-ը «բաւականաչափ ապացոյցներ տեսած է, որ Ատրպէյճանը կը գնդակոծէ Հայաստանի տարածքը եւ զգալի վնաս կը հասցնէ հայկական ենթակառուցուածքներուն»։

Փրայս յիշեցուցած է, որ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն մագլցումը սկսելէն գրեթէ անմիջապէս ետք խօսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնած է ռազմական գործողութիւններու, այդ շարքին՝ Հայաստանի տարածքին հարուածներու վերաբերեալ։ «Ան նախագահ Ալիեւին կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ դուրս բերել զօրքերը սահմանէն։ Մենք երկու ղեկավարներուն թէ՛ այս շփումներու ընթացքին, թէ՛ նախապէս հասկցուցած ենք, որ այս հարցը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ։ Մենք երկու կողմերուն կոչ ըրած ենք զերծ մնալու հետագայ ռազմական գործողութիւններէն եւ շարունակելու երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը։ Մեր կողմէ մենք կը շարունակենք խորապէս ներգրաւուած ըլլալ այս գործընթացին: Կովկասի մէջ բանակցային հարցերով աւագ խորհրդական, Մինսքի խումբի համանախագահ, դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըր դեռ Պաքու է։ Ան հանդիպած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։ ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քարըն Տոնֆրիտն այսօր հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարի հետ։

ԱՄՆ-ը հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագային։ Մենք պիտի շարունակենք ներգրաւուած մնալ այս գործընթացին եւ պիտի ընենք հնարաւոր ամէն ինչ, ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ կարգով, որպէսզի այս ռազմական գործողութիւնները դադրեցուին»,-ըսած է ան։

Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը նաեւ կոչ ըրած է Ռուսիոյ օգտագործելու իր ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու համար։

«Որեւէ կասկած չկայ, որ Ռուսիան հսկայական ազդեցութիւն ունի ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի վրայ, եւ Միացեալ Նահանգները կոչ ըրած է Ռուսիոյ եւ կը շարունակէ կոչ ընել օգտագործելու այդ ազդեցութիւնը, օգտագործել այդ լծակներն այնպէս, որ օգնէ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման։ Եւ, աւելի լայն իմաստով, լարուածութեան նուազեցման»,-ըսած է Փրայս: