image

Միացեալ Նահանգներ կը դիտարկէ Ուքրանիոյ գրոհը ռուսական Քուրսքի ուղղութեամբ 


Միացեալ Նահանգներ կը դիտարկէ Ուքրանիոյ գրոհը ռուսական Քուրսքի ուղղութեամբ   


Ուաշինկթըն Քիեւի հետ կը քննարկէ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու Քուրսքի շրջան ներխուժման երկարաժամկէտ նպատակները։

Այս մասին լրագրողներու համար հերթական ճեպազրոյցին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Փաթրիք Ռայտըր, հաղորդած է ԹԱՍՍ։

«Սակայն, երբ խօսքը  կը վերաբերի այստեղ անոնց երկարաժամկէտ նպատակներուն, մենք դեռ կը քննարկենք այդ հարցը անոնց հետ», - ըսած է Փենթակոնի պաշտօնեան՝ նկատի ունենալով ամերիկեան իշխանութիւններու եւ Քիեւի շփումները՝ կապուած Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու Քուրսքի շրջան ներխուժման հետ: