Մեծն Շառլ Ազնաւուրի հարիւրամեակին առիթով անոր լուսանկարչական տաղանդը ներկայացնելու նպատակով Սէն-Թրոփէի մէջ բացուած է յատուկ ցուցահանդէս մը, որ կը շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 15։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Ինչպէս ծանօթ է Շառլ Ազնաւուր մեծ սէր ունէր լուսանկարչութեան հանդէպ, որ բացայայտուեցաւ, երբ Էտիթ Փիաֆ անոր նուիրեց իր առաջին լուսանկարի գործիքը:
Արուեստագէտի հարիւրամեակին առիթով անոր լուսանկարչական տաղանդը ներկայացնելու նպատակով Սէն-Թրոփէի մէջ բացուած է յատուկ ցուցահանդէս մը:
Իրենց “Neo Satellite” ընկերութեան միջոցով Միշա Ազնաւուր եւ Ֆրէտ Սորեն Սէն-Թրոփէի քաղաքապետարանի համագործակցութեամբ կազմակերպած են սոյն բացօթեայ ցուցահանդէսը, որ կը շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 15։