image

Մեծն Բրիտանիայէն երկխօսութեան կոչ

Մեծն Բրիտանիայէն երկխօսութեան կոչ

ԵԱՀԿ-ի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ պատուիրակութեան փոխղեկավար Տէյտրէ Պրաուն կոչ ըրած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին շարունակելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքոյ՝ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար: 

«Միացեալ Թագաւորութիւնը կ'ողջունէ ԵԱՀԿ համանախագահներու, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջին համատեղ յայտարարութիւնը, որ կատարուած է ՄԱԿ-ի 76-րդ Գլխաւոր վեհաժողովի ժամանակ: Գոհունակութիւն կը յայտնենք, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահին անձնական ներկայացուցիչը նոյնպէս մասնակցած է հանդիպման: Կը կարեւորենք անոր եւ անոր խմբակին կատարած աշխատանքը:

Միացեալ Թագաւորութիւնը կը վերահաստատէ իր ամբողջական եւ անվերապահ աջակցութիւնը Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի ջանքերուն՝ որպէս Մինսքի խմբակի համանախագահներ: Կը յորդորենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին շարունակելու երկխօսութիւնը ՄԽ համանախագաներուն հետ՝ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան մէկընդմիշտ վերջ դնելու եւ հակամարտութեան առնչուող բոլոր հարցերը կարգաւորելու համար», կ'ըսուի Միացեալ Թագաւորութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: