image

«Մեր տպաւորութեամբ Թուրքիան կը կիսէ Հայաստանի հետ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը». ՀՀ ԱԳՆ

«Մեր տպաւորութեամբ Թուրքիան կը կիսէ Հայաստանի հետ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը». ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստանը կ'ակնկալէ, որ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան գործընթացի արդիւնքով դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ կը բացուի երկու երկիրներու միջեւ սահմանը: Այս մասին ըսաւ ՀՀ Արտաքին գործերի նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը:

Յունանեան ընդգծեց նաեւ, որ հայկական կողմի տպաւորութեամբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյնպէս կը կիսէ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը։

Ըստ Յունանեանի, այդ երկխօսութենէն Հայաստանի ակնկալիքները նոյնն են, ինչ եղած են 1990-ականներու սկզիբներէն ի վեր։ «Մենք ակնկալում ենք, որ գործընթացի արդիւնքում Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուեն եւ երկու երկրների միջեւ սահմանը, որը Թուրքիայի կողմից միակողմանիօրէն փակուել էր 90-ականների սկզբին, կը բացվի»։

Յունանեան ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումը Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ռուսական կողմին հիւրընկալութեամբ։ «Ըստ էութեան, այս առաջին հանդիպումը կրելու է ճանաչողական բնոյթ։ Դժուար է ակնկալել, որ մէկ հանդիպման արդիւնքում հնարաւոր կը լինի ունենալ շօշափելի արդիւնքներ, սակայն դրանով կը տրուի գործընթացի մեկնարկը»։