Իրանի ռազմաօդային ուժերու հրամանատար Ազիզ Նասիրզատեն յայտարարած է, որ Իրանի օդուժը լիովին պատրաստ է իսլամական հանրապետութեան սահմաններու համալիր պաշտպանութեան: Ըստ անոր՝ Իրանի օդային տարածքը մշտական հսկողութեան եւ դիտարկման տակ է: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը՝ մէջբերելով իրանցի զինուորականի խօսքերը:
«Օդաչուները, սպաները եւ բոլոր մասնագէտները, ունենալով փայլուն գիտելիքներ եւ թռիչքային փորձ, պատրաստ են կատարելու հրամանները որեւէ պահու», - յայտարարած է Ազիզ Նասիրզատեն:
Աղբիւրը նկատած է, որ իրանցի զօրավարի յայտարարութիւնը կը հնչեցուի վերջին իրադարձութիւններու ֆոնին, երբ յարձակումներ եղան Mercer Street լցանաւի վրայ Արաբական ծովին մէջ եւ առեւտրային նաւու վրայ՝ Օմանի ծոցին մէջ, իսկ արեւմտեան երկիրներէն շատերը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլը Թեհրանը մեղադրեցին այդ յարձակումներու հետ կապ ունենալու մէջ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ