image
Հրատապ լուրեր:

Մենք հետաքրքրուած ենք մասնակցելու «Թրամփի ուղի» նախագիծին. Թոքաեւ

Մենք հետաքրքրուած ենք մասնակցելու «Թրամփի ուղի» նախագիծին. Թոքաեւ

Մենք կ՚ուզենք աջակցիլ ՀՀ տնտեսութեան, եւ համաձայնած ենք յստակ քայլեր ձեռնարկել, որ իրականացնենք ներդրումային ծրագիրներ, յստակ քայլեր ձեռնարկենք, որ ընդլայնուին եւ զարգանան ձեռնակատիրական համայնքներու միջեւ յարաբերութիւնները: Այդ մասին Ղազախստանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ փաստաթուղթերու փոխանակումէն ետք յայտարարած է նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը՝ նշելով, որ ղազախա-հայկական աշխատանքային խումբը պէտք է նպաստէ այդպիսի փոխադարձ շահաւէտ ծրագիրներու իրականացման։

Ըստ Թոքաեւի՝ գործընկերութիւնները երկկողմ զարգացնելու հնարաւորութիւն կայ արդիւնաբերութեան, փոխադրութեան, թուայնացման, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:

«Մենք առանձնայատուկ կարեւորութիւն տուած ենք փոխադրային եւ տարանցիկ հնարաւորութիւններուն: Աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ, որ ամրապնդուի երկկողմ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը:

Ղազախստանը կ՚աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան, եւ մենք նաեւ կ՚ընդգծենք, որ հետաքրքրուած ենք մասնակցելու «Թրամփի ուղի» նախագիծին: Այսպիսի նախագիծերը, Հիւսիս-hարաւ նախագիծը, ինչպէս նաեւ Միջին միջանցքի նախագիծը կը համապատասխանեն երկու երկիրներու շահերուն, եւ, հետեւաբար, փոխադրային համագործակցութիւնը մեծ հնարաւորութիւններ պիտի բանայ երկու երկիրներու համար»,-ըսած է ան: