image

«Մենք ձեր գերին չենք». Օմրան Խանը Արեւմուտքին

«Մենք ձեր գերին չենք». Օմրան Խանը  Արեւմուտքին

Ի՞նչ շահեցանք Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ին մեր աջակցութենէն, բացի 80,000 զոհէ եւ 150 միլիառ տոլարի կորուստէ: Արդեօք ՆԱԹՕ-ն ընդունեց մեր զոհաբերութիւնները, երբեւէ ԵՄ դեսպանները նամակ գրեցի՞ն` գովաբանելով մեր ջանքերը Աֆղանիստանի մէջ: Միւս կողմէ, Փաքիստանը կը մեղադրուի Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի ձախողման համար:

 

Դիմելով Եւրոմիութեան բանագնացներուն` Փաքիստանի վարչապետ Օմրան Խանը ըսած է, որ իր երկիրը եւրոպացիներուն «ստրուկը չէ», նկատի ունենալով Եւրոմիութեան պահանջը, որ Իսլամապատը դատապարտէ Ռուսաստանի ռազմական գործողութիւնը Ուքրանիոյ մէջ:

Փաքիստանի վարչապետը ելոյթ ունեցած է Եւրոմիութեան դեսպաններուն ներկայութեամբ, ուր ան ըսած է. «Եւրոմիութեան դեսպանները գրութեամբ խնդրած էին մեզմէ դատապարտել Ուքրանիոյ դէմ ռուսական ռազմական գործողութիւնը: Կ'ուզեմ հարցնել` նման հաղորդագրութիւն ուղարկա՞ծ էք Հնդկաստանին»:

«Երբ Հնդկաստանը բռնագրաւուած Քաշմիրի մէջ խախտեց միջազգային օրէնքները, ձեզմէ ոեւէ մէկը խզե՞ց կապերը Հնդկաստանի հետ կամ դադրեցոուեց առեւտուրը»: Ան շեշտեց, որ «իր երկիրը պիտի չաջակցի պատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող որեւէ երկրի, բայց պիտի աջակցի խաղաղութիւնը վերականգնելու ջանքերուն»:

Փաքիստանի վարչապետը յաւելած է. «Ի՞նչ շահեցանք Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ին մեր աջակցութենէն, բացի 80,000 զոհէ եւ 150 միլիառ տոլարի կորուստէ: Արդեօք ՆԱԹՕ-ն ընդունեց մեր զոհաբերութիւնները, երբեւէ ԵՄ դեսպանները նամակ գրեցի՞ն` գովաբանելով մեր ջանքերը Աֆղանիստանի մէջ: Միւս կողմէ, Փաքիստանը կը մեղադրուի Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի ձախողման համար», ըսած է ան:

Օմրան Խան նշած է, որ իր երկիրը բարեկամական յարաբերութիւններ ունի ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Չինաստանի եւ Եւրոպայի հետ, յաւելելով. «Քանի որ մենք չէզոք ենք եւ որեւէ ճամբարի մէջ չենք, կը փորձենք համագործակցել այդ երկիրներուն հետ` վերջ դնելու համար Ուքրանիոյ պատերազմին»: