image

Մենք բացարձակ յաղթանակի ճանապարհին ենք. Նաթանիահուն մերժած է ՀԱՄԱՍ-ի՝ հրադադարի վերաբերեալ առաջարկները

Մենք բացարձակ յաղթանակի ճանապարհին ենք. Նաթանիահուն մերժած է ՀԱՄԱՍ-ի՝ հրադադարի վերաբերեալ առաջարկները

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն մերժած է պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորման՝ Կազայի մէջ հրադադարի հաստատման եռափուլ նախագիծին մէջ ներկայացուած առաջարկները: Փոխարէնը ան յայտարարած է, որ  Իսրայէլի ռազմական յարձակումը Կազայի հատուածին վրայ պիտի շարունակուի՝ մինչեւ յառաջիկայ ամիսներուն «բացարձակ յաղթանակի» հասնիլը:

Ինչպէս գրած է politico.com-ը, Նաթանիահուն «Համաս»-ի առաջ քաշած պայմանները՝ հրադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման վերաբերեալ, որակած է «զառանցանք»՝ կոշտ քննադատելով որեւէ պայմանաւորուածութիւն, որ պատերազմէն ետք «Համաս»-ին ամբողջութեամբ կամ մասնակի վերահսկոողութիւն կու տայ Կազայի հատուածի նկատմամբ:

Նաթանիահուն այս մեկնաբանութիւններն ըրած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք։

««Համաս»-ի զառանցական պահանջներուն յանձնուիլը, որոնք մենք հիմա լսեցինք, ոչ միայն չի յանգեցներ գերիներու ազատման, այլ պարզապէս կը տանի դէպի եւս մէկ կոտորածի», -ըսած է Նաթանիահուն 7 փետրուարի երեկոյեան մամուլի ասուլիսին:

«Մենք բացարձակ յաղթանակի ճանապարհին ենք»,-ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ գործողութիւնը պիտի տեւէ ամիսներ, ոչ թէ տարիներ։

«Ուրիշ լուծում չկայ», - աւելցուցած է ան։

Նաթանիահուն եւս մէկ անգամ բացառած է որեւէ պայմանաւորուածութիւն, որ «Համաս»-ի վերահսկողութեան տակ կը ձգէ Կազայի որեւէ հատուած: Ան նաեւ ըսած է, որ Իսրայէլը «միակ ուժն» է, որ ի վիճակի է երաշխաւորելու անվտանգութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարով։

Յիշեցնենք, որ երէկ հաղորդուած էր, որ «Համաս» շարժման զինեալներու ներկայացուցիչները պատրաստած են Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հաստատման վերաբերեալ իրենց ծրագրի նախագիծը։