Մէկ օրուան մէջ «Քովիտ» յայտնաբերուած է 501 հազար ֆրանսացիի մօտ: Մահացած է 364 մարդ: Սա օրական ամենամեծ աճն է համավարակի ամբողջ ընթացքին:
Վերջին մէկ օրուան մէջ «Քովիտ»ի դէմ պատուաստանիւթի խթանիչ դեղաչափ ստացած է աւելի քան 312 հազար ֆրանսացի: Լիարժէք պատուաստուած է բնակչութեան մօտ 80 տոկոսը:
Իսկ Իտալիոյ մէջ մէկ օրուան մէջ «Քովիտ»ի դէպքերու աճը կրկնապատկուած է` հասնելով աւելի քան 186 հազարի: