image

«Մայր Հայաստան» շարժումը եւս կը մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն

«Մայր Հայաստան» շարժումը եւս կը մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն

«Մայր Հայաստան» շարժումը որոշած է մասնակցիլ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն: Այս մասին յայտարարած է շարժման նախաձեռնող խումբի անդամ, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեանը։

Անոր խօսքով՝ շարժումը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները կը դիտարկէ որպէս ամբողջական իշխանափոխութեան հնարաւորութիւն։

«Մեզ համար անընդունելի է Նիկոլ Փաշինեանի վարած ոչ լեգիտիմ քաղաքականութիւնը, որը սպառնալիք է Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեանը։ Մենք չենք ընդունում Արցախն Ադրբեջանի կազմում եւ ուզում ենք կանխել Հայաստանի գահավիժումը։ Համոզուած եմ, որ անվտանգ եւ զարգացող երկիր կառուցելու հնարաւորութիւն ունենք»,- տարածած տեսաուղերձին մէջ նշած է Թեւանեան։

Երեւանի աւագանիի հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան 17 սեպտեմբերին, իսկ քարոզարշաւը պիտի մեկնարկի 23 օգոստոսին։