image

Մայք Սարեանի նոր նուաճումը. Վերականգնուած է ամերիկեան Randolph Health հիւանդանոցը

Մայք Սարեանի նոր նուաճումը. Վերականգնուած  է ամերիկեան Randolph Health հիւանդանոցը

   Նշենք, որ Մայք Սարեան արմատներով՝ պէյրութահայ է.ան մանուկ հասակէն փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ շնորհիւ անդուլ կամքի ու հայու նկարագրային գիծ համարուող աշխատասիրութեան նուաճած է մեծ բարձունքներ, մասնաւորապէս հաստատուն անուն հանդիսանալով առողջապահական աշխարհին մէջ։

 Անձնական կեանքին մէջ իր ունեցած յաջողութիւնները երբեք ալ չեն վնասած իր անկեղծ մարդ եւ զտարիւն հայ ըլլալու հանգամանքին ու այդ հիմունքով ալ ան չէ մոռցած իր արդար լուման նուիրել մեր ժողովուրդին, ըլլայ անիկա Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելեան հայագաղութներուն մէջ։

 

Օրերս, Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր թերթերէն մին՝   The Washington Post-ը, իր 22 Յունիսի թիւին մէջ ուշագրաւ ակնարկ մը պատրաստած է ամերիկահայ գործարար եւ անուանի բարերար Մայք Սարեանի մասին։

 

Յօդուածը կ՚անդրադառնայ ԱՄՆ-ի պետութեան՝ հիւանդանոցներուն տուած 178 միլիառ տոլար արժող օգնութեան չնախատեսուած հետեւանքներուն մասին։

 

Հոն կը նշուի, թէ երկու տարի անց տուալները ցոյց կու տան, որ պետական աջակցութիւնը իսկապէս փրկօղակ մը եղած է բազմաթիւ հիւանդանոցներու համար, որոնք առանձինն պիտի չկարենային դիմանալ համավարակի գրոհին։ Սակայն, կային նաեւ այլ հիւանդանոցներ, որոնք դրամի կարիքը չունէին։ Նիւթական օգնութեան անհամաչափ բաշխումը պատճառ դարձաւ, որ բժշկական հարուստ հաստատութիւններ մեծ շահ եւ յարատեւ աճ արձանագրեն, մինչ ուրիշներ՝ չդիմանալով տագնապին՝ սնանկանան։ 

 

Սնանկացող հիւանդանոցներէն էր «Ռանտոլֆ Հէլթ»ը (Randolph Health), որ աջակցութիւն ստանալով հանդերձ, չկրցաւ դիմանալ նիւթական ծանր բեռին։ Ռանտոլֆ գաւառի բնակչութիւնը համեստ դասկարգի կը պատկանի եւ այդտեղ, հիւանդութիւններուն տոկոսը համեմատաբար բարձր է, հետեւաբար «Ռանտոլֆ Հէլթ»ը շատ աւելի պէտք ունէր աջակցութեան, քան հարուստ շրջաններու հիւանդանոցները։

Ամերիկահայ գործարար Մայք Սարեան «Ռանտոլֆ Հէլթ»ը ձեռք ձգեց աճուրդի 10 միլիոն տոլար առաջարկով: Ան պետական օժանդակութեան անարդար բաշխման մասին, ըսաւ, թէ «Մեծ Տղաքը»՝ հսկայ եւ հարուստ հիւանդանոցները դրամի պէտք չունին, բայց ստացան դրամին մեծ մասը։ Անոնք ունեցան չափազանց մեծ դրամագլուխ, որուն կարիքը չունին։ 

Սարեան շարունակեց, որ աւելի արդար կ՚ըլլար, եթէ պետութիւնը իր միջոցներով առաւել եւս նեցուկ կանգնէր ներքաղաքային հիւանդանոցներուն։ 

Այժմ Ռանտոլֆ շրջանի համայնքը համախմբուած է Սարեանի շուրջ։ Հիւանդանոցը ոտքի կանգնեցնելու համար, Սարեան անձնական պիւտճէով կը խթանէ իր ծրագիրը, որուն վրայ կու գայ աւելնալու պետական աջակցութիւնը եւ Քոնկրէսէն ստացած կանխիկ գումարը։ «Հիւանդանոցը փրկելը աւելի դիւրին կ՚ըլլար, եթէ դաշնային կառավարութիւնը աւելի արդար ձեւով բաշխեր Քովիտի դէմ պայքարելու համար նախատեսուած գումարները», ըսաւ Սարեան:

 Նշենք, որ Մայք Սարեան արմատներով՝ պէյրութահայ է.ան մանուկ հասակէն փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ շնորհիւ անդուլ կամքի ու հայու նկարագրային գիծ համարուող աշխատասիրութեան նուաճած է մեծ բարձունքներ, մասնաւորապէս հաստատուն անուն հանդիսանալով առողջապահական աշխարհին մէջ։

 Անձնական կեանքին մէջ իր ունեցած յաջողութիւնները երբեք ալ չեն վնասած իր անկեղծ մարդ եւ զտարիւն հայ ըլլալու հանգամանքին ու այդ հիմունքով ալ ան չէ մոռցած իր արդար լուման նուիրել մեր ժողովուրդին, ըլլայ անիկա Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելեան հայագաղութներուն մէջ։

 

 Յարաճուն յաջողութիւններ կը մաղթենք Մայք Սարեանին։