Երեւանի Մատենադարանի հրատարակչատունը աւագ գիտաշխատող Ալա Խառատեանի աշխատասիրութեամբ հրատարակեց ենթադրաբար 13-14րդ դարերու հեղինակ Մկրտիչ Գանձասացի գանձերը։
Այս բնագրերը կը ցոլացնն գանձարանային մշակոյթի զարգացման պատմութիւնը, պատկերացում կուտան հեղինակի ստեղծագործական քրիստոնէական աշխարհայեացքի, առանձնայատկութիւններու ու կաղապարներու մասին։
Բնագրերը կազմուած են Մաշտոցեան Մատենադարանի, Վենետիկի ու Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւններու ձեռագրերու համաձայն, որոնց մէջէն բաղդատական քննութեամբ ի մի բերուած են Մկրտիչ Գանձասացի 29 գանձերը։
Գիրքը լոյս տեսած է «Ճէյ թի այ Արմենիա» ընկերութեան աջակցութեամբ։