Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանը արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում, յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Տուժածներ չկան։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ուժերը կը հետաքննեն այս փաստը։
Պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով՝ Շուշիի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի շարասիւնը մարդասիրական բեռներով ուղեկցուած է Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն կառոյցներու եւ տեղանքի ականազերծումը։ Օրուան ընթացքին մաքրուած է 0,8 հեկտար տարածք։
Ընդհանուր առմամբ, 2020 թուականի 23 նոյեմբերէն մինչ օրս չպայթած ականներէն ու արկերէն մաքրուած է 2517,5 հեկտար տարածք, 689,5 քմ ճանապարհ, 1940 շինութիւն, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 26779 պայթուցիկ առարկայ։
Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութեան ապահովման եւ հնարաւոր միջադէպերու կանխարգիլման նպատակով կը պահպանուի շարունակական փոխգործակցութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: