image

Մարսէյլի մէջ. «Ալէն Թերզեան» եւ «Շառլ Ազնաւուր» գրական մրցանակներու յանձնում

Մարսէյլի մէջ. «Ալէն Թերզեան» եւ «Շառլ Ազնաւուր» գրական մրցանակներու յանձնում

Ընթացիկ ամսուան  սկիզբը  Մարսէյլի մէջ տեղի ունեցած է «Ալէն Թերզեան» եւ «Շառլ Ազնաւուր» գրական մրցանականերու տուուչութեան  յանձման արարողութիւնը։

Այս մասին իմացանք Փարիզի «Նոր  Յառաջ»էն, ուրկէ կը կարդանք՝

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4-ին, Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ի պատուի էին գրական աշխարհն ու 7-րդ արուեստը՝ շարժանկարը, «Ալէն Թերզեան» եւ «Շառլ Ազնաւուր» գրական մրցանակներու յանձնումին առթիւ։

Արարողութեան պատուոյ նախագահներն էին Նահանգի եւ Էքս-Մարսիլիա-Փրովանս մեթրոփոլի նախագահուհի Մարթին Վասալ, ինչպէս նաեւ այս գրական մրցանակները կազմակերպող ընկերակցութեան՝ « Terre d'Arménie »-ի նախագահ Ֆրանսուա Աշուր։ 

Այս տարուան արարողութեան հովանաւորներն էին Ազնաւուրի որդին՝ Միշան եւ ֆրանսական շարժարուեստի անշրջանցելի դէմքերէն, ֆիլմարտադրող, Սէզարներու ակադեմիայի նախկին նախագահ Ալէն Թերզեան, որոնք ներկայ էին։ Ներկաներու մէջ էին նաեւ,– ի շարս այլոց,– դատակազմի անդամներ՝ հանրածանօթ լրագրող, գրող, Հայոց բարեկամ Ֆրանց-Օլիվիէ Ժիզպէռ եւ ծանօթ ճարտարապետ Ռոլան Գարթա, Մեթրոփոլի փոխնախագահ Տիտիէ Ռէո, ՀՀ աւագ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, հայ համայնքէն բազմաթիւ անձնաւորութիւններ… 

Օրուան հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Մարսիլիոյ 9-րդի եւ 10-րդի թաղապետի կցորդ Ռիշար Ֆընտըքեան, որ այս նախաձեռնութեան 2006-ին ստեղծումէն ի վեր ջանք չի խնայեր անոր յարատեւութեան եւ յաջողութեան համար։ 

Արարողութեան ընթացքին, հսկայ պաստառի մը վրայ սփռուող նշանաւոր ժապաւէններէ պատառիկներով, նկարներով, յուշերով, վկայութիւններով մեծարուեցան ֆրանսական շարժանկարի երկու հսկաները՝ յա՛տկապէս նորոգ հանգուցեալ Ժան-Փօլ Պելմոնտօն, բայց նաեւ Ալէն Տըլոնը, որոնց երկուքին ալ մտերիմ բարեկամը եղած է,– եւ երկրորդի պարագային դեռ է՛, Ալէն Թերզեան։

Ինչ կը վերաբերի մրցանակաբաշխութեան՝ Թերզեան անձամբ յայտարարեց իր անունը կրող մրցանակի ոչ թէ դափնեկիրին, այլ՝ դափնեկիրներուն անունները, քանի որ երկու հեղինակներ հաւասարապէս արժանի նկատուած էին՝ Պաթիսթ Վինիոլ իր « Le dernier Guépard » գիրքին եւ Պերնար Փասքիւիթօ իր « Belmondo entre deux vies » գիրքին համար։ Յատուկ մրցանակ մը շնորհուեցաւ նաեւ Ճեֆ Տոմենեքին, Պելմոնտոյին նուիրուած իր փաստագրական ժապաւէնին համար։ 

2021-ի «Շառլ Ազնաւուր» մրցանակը յանձնեց անոր որդին՝ Միշա՝ « Continent’Italia » հատորի հեղինակ Սամիւէլ Պրիւսէլին։ Իսկ «Շառլ Ազնաւուր» յատուկ մրցանակը յանձնուեցաւ ձեռամբ Ֆրանց-Օլիվիէ Ժիզպէռի՝ երիտասարդ փաստաբան Փիէր Տարքանեանին, անոր « Le rapport chinois » հատորին համար։ 

Միշա իր խորին գոհունակութիւնը յայտնեց, նշելով որ՝ մրցոյթին ներկայացուած բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը թեւածէր «Ազնաւուրի ոգին» եւ շնորհաւորեց բոլոր հատորներուն բարձր որակին համար։