image

«Մարդասիրական վիճակին մասին եղած յայտարարութիւնները կեղծ եւ անհիմն են».Պայրամովը Թոյվօ Քլաարին

«Մարդասիրական վիճակին մասին եղած յայտարարութիւնները կեղծ եւ անհիմն են».Պայրամովը Թոյվօ Քլաարին

16 օգոստոսին,  Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ընդունած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան։

Հաղորդուած է, որ կողմերը միտքեր փոխանակած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի, միջազգային գործընկերներու, անոնց կարգին՝ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ կատարուող բանակցութիւններու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ներկայ իրավիճակի շուրջ։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, ինչի վերաբերեալ Պայրամով յայտարարած է, որ «վերջին շրջանին Հայաստանի կողմէ տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական սադրանքներու աճը, տարածաշրջանի շրջափակման եւ լարուած մարդասիրական իրավիճակի մասին կեղծ եւ անհիմն յայտարարութիւնները չեն ծառայեր խաղաղութեան ու կայունութեան»։

Պայրամով նաեւ Երեւանը մեղադրած է «Լաչինի միջանցքի հետ զուգահեռ Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհի գործածութեան ու վերահամարկման հարցերով հայ բնակիչներու հետ հանդիպումներու շուրջ պայմանաւորուածութիւններու խաթարման» համար, ինչ որ, անոր խօսքով, կը վկայէ այն մասին, որ «Հայաստան շահագրգռուած չէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործով»: