Աղբիւրը նշած է թէ երբ Ռահաֆ 4 ամսական եղած է, ծնողները զգացած են թէ ան խուլ է, եւ բժիշկները յանձնրարած են ականջակալներ տեղադրել:
Նախանձախնդիր մեծ մայրիկը այս անգամ եւս դիմած է Մար Շարպէլին ու աղօթելով խնդրած անոր միջնորդութիւնը: Ան իւղով օծած է փոքրիկին ականջները: «Առաւօտեան ճիշդ ժամը 3:30-ին, ձայներ լսեցի դրան ետեւէն: Տեսայ թէ Մար Շարպէլ ներս մտաւ ու ինչ որ վիրահատութիւն ըրաւ Ռահաֆի ականջներուն, ապա ելաւ սենեակէն փակելով դուռը իր ետեւէն», պատմած է մեծ մայրիկը: Առաւօտեան Ռահաֆ սկսած է լսել ու նոյնիսկ խօսիլ: Բժիշկները զննելէն ետք հաստատած են որ Ռահաֆ այլեւս չի տառապիր որեւէ լսողական խնդիրներէ:
Օրերս Լիբանանի կարող սուրբերէն՝ Մար Շարպէլի հրաշքը ցնցած է Լիբանանի Անայա ուխտավայրը: Փոքրիկն Ռահաֆ մահացած էր, իսկ Մար Շարպէլ զինք վերակենդանացուցած:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ VDL News-էն:
Աղբիւրը նշած է, թէ Ռահաֆ Թանար Շլիմոն, իրաքցի քաղդէացի է, ծնած է 2019-ին Մուսուլի Թել Քայֆ շրջանի Ալքոշ աւանը:
Ռահաֆի մեծ մայրը պատմելով ամբողջ եղելութիւնը ըսած է,- «Ռահաֆ ունէր առողջական խնդիրներ, եւ այդ մասին կը վկայեն բժշկական փաստաթուղթերը: Ան ծնաւ ութը ամսական, արեան մէջ թթուածինի պակասի պատճառաւ առողջական խնդիրներ ունեցաւ, զինք տեղաւորեցին նորածիններու յատուկ բժշկական սարքին մէջ (Incubator), եւ շուրջ մէկ ամիս ետք ան մահուան եզրին հասաւ»:
Մեծ մայրը շարունակած է, թէ ան Լիբանան բնակող իր ազգականներէն մէկէն ուզած է, որ ուղարկէ Մար Շարպէլի արձանիկը եւ անոր գերեզմանէն օրհնուած ձէթը: Բայց մինչեւ արձանիկի հասնիլը հիւանդանոց, բժիշկները յայտնած են, որ փոքրիկն Ռահաֆ մահացած է: Մեծ մայրը մտած է փոքրիկին մօտ, դրած Մար Շարպէլի արձանիկը անոր կրծքին վրայ ու սկսած է լալով աղօթել եւ խնդրել Մար Շարպէլէն, որ բարեխօսէ Աստուծոյ, որպէսզի վերակենդանացնէ փոքրիկը: Եւ Իրապէս այդ վայրկեանին երեխան արթնցած է ու սկսած լալ:
Բժիշկները ըսած են, որ այս դէպքէն ետք, փոքրիկ աղջիկը կրնայ ունենալ ուղեղի հաշմանդամութիւն, տեսողութեան կամ լսողութեան խանգարումներ, ուստի մեծ մայրիկը օրհնուած ձէթով օծած է երեխայի մարմինը:
Աղբիւրը նշած է թէ երբ Ռահաֆ 4 ամսական եղած է, ծնողները զգացած են թէ ան խուլ է, եւ բժիշկները յանձնրարած են ականջակալներ տեղադրել:
Նախանձախնդիր մեծ մայրիկը այս անգամ եւս դիմած է Մար Շարպէլին ու աղօթելով խնդրած անոր միջնորդութիւնը: Ան իւղով օծած է փոքրիկին ականջները: «Առաւօտեան ճիշդ ժամը 3:30-ին, ձայներ լսեցի դրան ետեւէն: Տեսայ թէ Մար Շարպէլ ներս մտաւ ու ինչ որ վիրահատութիւն ըրաւ Ռահաֆի ականջներուն, ապա ելաւ սենեակէն փակելով դուռը իր ետեւէն», պատմած է մեծ մայրիկը: Առաւօտեան Ռահաֆ սկսած է լսել ու նոյնիսկ խօսիլ: Բժիշկները զննելէն ետք հաստատած են որ Ռահաֆ այլեւս չի տառապիր որեւէ լսողական խնդիրներէ:
Ըստ աղբիւրին, ընթացիկ Մարտ ամսուան ընթացքին ծնողները Իրաքէն եկած են ու բերած են աղջկան Մար Շարպէլի ուխտավայր՝ Անայա շնորհակալութիւն յայտնելու անոր միջնորդութեան եւ 22 Մարտին, արձանագրած են պատահածը իբրեւ Մար Շարպէլի հրաշագործութիւն: