image

Մաքրոն որու կողմէ կը ղեկավարուի.Իրանցի գործիչէն դիտարկում

Մաքրոն որու կողմէ կը ղեկավարուի.Իրանցի գործիչէն դիտարկում

Իրանի հետախուզութեան նախարար՝ Իսմայիլ Խաթիպը, խօսելով Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնին մասին, ըսած է, որ ան ԱՄՆ-ի կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան ցած աստիճանի գործակալ է։ 

Հետախուզութեան ղեկավարը IRNA-ին ըսած  է, որ Մաքրոնը՝ իր ներքին քաղաքականութեան ձախողումը թաքցնելու համար՝ Իրանի նկատմամբ շարք մը յարձակողական դիրքորոշումներ ընդունած է: Խաթիպը ըսած է, որ նաեւ եւրոպական այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Գերմանիան, ԱՄՆ-ի խօսափողը կը դառնան, երբ խօսքը կը վերաբերի Իրանին։

«Այս կը նշանակէ, որ ամերիկացիները պատանդ վերցուցած են Եւրոպան, մասնաւորաբար՝ Ֆրանսան եւ Գերմանիան»,- ըսած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ եւրոպական պետութիւնները կորսնցուցած են Ուաշինկթընէն անկախ աշխատելու իրենց կարողութիւնը։

Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ պատերազմի գինը կը վճարուի եւրոպացի եւ յատկապէս՝ գերմանացի եւ ֆրանսացի հարկատուներու գրպանէն, եւ այս մէկը, Եւրոպայի համար,  տակաւին պատերազմի հետեւանքներու սկիզբն է։

Խաթիպը ըսած է, որ Իրանը փաստաթուղթեր ունի, որոնք կ՚ապացուցեն, որ Միացեալ Նահանգները օգտագործած է իր ազդեցութիւնը, Պարսից ծոցի արաբական երկիրներու վրայ՝ խանգարելով անոնց, եւրոպացիներու հետ զէնքի եւ առեւտրային շահաւէտ գործարքներու մէջ մտնելը:

Ան նաեւ ըսած է, որ Իրանի նկատմամբ Մաքրոնի կոշտ դիրքորոշման վրայ ազդած է, Թեհրանի կողմէ՝ ֆրանսական հետախուզութեան երկու սպաներու կալանաւորումը:

Իրանի հետախուզութեան նախարարը նշած է, որ երկու սպաները Իրանի մէջ գաղտնի առաքելութիւն ունեցած են՝ աւելցնելով, որ Թեհրանը կրնայ  աւելի շատ մանրամասներ բացայայտել առաքելութեան մասին, եթէ Ֆրանսան շարունակէ թշնամաբար տրամադրուիլ Իրանի նկատմամբ։