image

Մաքրոն Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւնը

Մաքրոն Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւնը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ուշադիր կը հետեւի Հարաւային Կովկասի իրադրութեան զարգացման։ Տեղեկութիւնը յայտնած է անոր մամուլի ծառայութիւնը: Ըստ հաղորդագրութեան` Մաքրոն երէկ հեռախօսով զրուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ֆրանսայի նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքի շրջանին գրանցուած սրացումներու կապակցութեամբ: Ան յորդորած է ամէն ջանք գործադրել թէժացումներէ խուսափելու եւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու համար: Մաքրոնն ընդգծած է 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի` հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման կարեւորութիւնը:

Էլիզեան պալատէն յայտնած են, որ Ֆրանսան սերտ կապ կը պահպանէ կողմերու եւ գործընկերներու հետ՝ շարունակելով աջակցիլ ու իր աւանդը ներդնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան եւ տարածաշրջանի կայունութեան պահպանմանն ուղղուած ջանքերուն։

Յիշեցնենք` 3 օգոստոսին ատրպէյճանական ստորաբաժանումները թիրախաւորած են Պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերն ու զօրամասերէն մէկու մշտական տեղակայման վայրը՝ կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, ականանետներ, նռնականետներ եւ հարուածային ԱԹՍ-ներ։ Հայկական կողմն ունի 2 զոհ եւ 19 վիրաւոր։