Ֆրանսան Ատրպէյճանին կոչ ըրած է վերադառնալու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ հրադադարի պահպանման. Այս մասին յայտարարած է Էլիզեան պալատը պետութեան ղեկավարներ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հեռախօսազրոյցէն ետք։
«Նախագահ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցին նախագահ Մաքրոնն ընդգծած է հրադադարի պահպանման վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը»,- Էլիզեան պալատի հաղորդագրութենէն մէջբերած France Press-ը։
Նշենք, որ երէկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ երկխօսութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին իրավիճակի մագլցումի ֆոնին: