image

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանը ձեռնպահ մնացած է Ռուսիան դատապարտող բանաձեւին առընթեր

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանը ձեռնպահ մնացած է  Ռուսիան դատապարտող բանաձեւին  առընթեր

ՄԱԿ-ի Գերագոյն վեհաժողովը ընդունած է բանաձեւ, որ կը դատապարտէ «Ռուսիոյ ապօրինի այսպէս կոչուած «հանրաքուէները»՝ կայացած Ուքրանիոյ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս գտնուող շրջաններուն մէջ»:

Բանաձեւը կը պահանջէ «չեղարկել այդ տարածքներու բռնակցման մասին հռչակագիրը»:

Բանաձեւը ընդունուած է ձայներու 143 կողմ, 5 դէմ, 35 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ:

Ձեռնպահ քուէարկած երկիրներու մէջ են նաեւ Հայաստանը, Չինաստանը, Հնդկաստանը, Ղազախստանը, Ղրղզստանը, Տաճիկստանը, Ուզպեքստանը:

Նշուած է, որ Ատրպէյճանն ու Իրանը չեն մասնակցած քուէարկութեան: Թուրքիան եղած է կողմ քուէարկած պետութիւններու ցանկին մէջ:

Յիշեցնենք, որ 30 սեպտեմբերին Քրեմլի մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն, որու ժամանակ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը համաձայնագրեր ստորագրած է ինքնահռչակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններու, ինչպէս նաեւ Խերսոնի եւ Զապորոժիէի մարզերու ղեկավարներու հետ՝ այդ տարածքները Ռուսիոյ Դաշնութեան կազմին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ։ Աւելի վաղ այնտեղ հանրաքուէներ կայացած են, շրջաններու բնակիչները ձայներու մեծամասնութեամբ կողմ արտայայտուած են Ռուսասիոյ միանալուն։

Ուքրանիան եւ Արևմուտքը դատապարտած են հանրաքուէները՝ կատարուածն անուանելով Ռուսիոյ կողմէ ուքրանական տարածքներու բռնակցում: