image

Մահացած է Լիբանանահայ Շաղիկ Ճէրէճեանը

Մահացած է   Լիբանանահայ Շաղիկ Ճէրէճեանը

  Պէյրութի մէջ յանկարծամահ եղած է   Շաղիկ Ճէրէճեանը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  հանգուցեալի  հարազատներէն։

Հանգուցեալը  ծնած է   14 Ապրիլ 1961-ին՝  Պէյրութ։

 Յաճախած  է Երուանդ Տեմիրճեան եւ Դարուհի Յակոբեան վարժարանները։

Ամուսնացած է 1980-ին եւ անմիջապէս Քանատա մեկնած մինչեւ 2004 թուական։ Զբաղուած է լուսանկարչական աշխատանքով։

Ունէր 2 դստրեր, Անիթա եւ Փոլին Ալեքսանեաններ, որոնցմէ ալ բախտաւորբւած է 5 թոռներով։  Շրջապատին  կողմէ սիրուած Շաղիկ Ճէրէճեանը հեզ, համեստ եւ գերզգայուն բնաւորութիւն ունեցող  անձ էր։

Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս Լիբանանահայ ազգային-կրթական գործիչ Տիար Նազարէթ Ճէրէճեանին։