image
Հրատապ լուրեր:

«Լուսաւոր Հայաստան»ը Հայկ Մարութեանի պաշտօնանկութեան կողմ չէ

«Լուսաւոր Հայաստան»ը Հայկ Մարութեանի պաշտօնանկութեան կողմ չէ

Երէկ ուշ երեկոյեան տեղի ունեցած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան կառավարման խորհուրդի նիստը։

Երեւանի աւագանիի «Լոյս» խմբակցության ղեկավար Դաւիթ Խաժակեան կը յայտնէ, որ խորհուրդը որոշած է չմիանալ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարությեանին անվստահութիւն յայտնելու նախաձեռնութեան։

Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց սկսած է։ Այս նախաձեռնութեան կողմ արտայայտուած են աւագանիի ԲՀԿ-ական անդամներն ու «Լոյս» խմբակցութենէն Անի Խաչատրեանը:

Աւագանիի իշխող խմբակցութեան անդամ Արմէն Կոտոլեան աւելի վաղ յայտնած էր, որ անհրաժեշտ 33 ստորագրութենէն աւելին՝ նախնական տուեալներով 39-ն արդէն իսկ հաւաքուած է, եւ մինչեւ ամսուայ վերջ Հայկ Մարութեանը պաշտօնանկ պիտի ըլլայ։