image

Լոս Անճըլըսի մէջ կայացաւ Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածոյի՝ «Աստղերու Հաւատքով»ի շնորհանդէսը

Լոս Անճըլըսի մէջ կայացաւ Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածոյի՝ «Աստղերու Հաւատքով»ի շնորհանդէսը

Օրերս Լոս Անճըլըսի մէջ տեղի ունեցած է ամերիկահայ ազգային-հասարակական գործիչ Վիգէն Յովսէփեանի արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու ժողովածոյի շնորհանդէսը՝ «Աստղերու Հաւատքով» վերնագիրով։

Գիրքի շնորհանդէսի հանդիսաւոր արարողութեան հարիւրէն աւելի ներկայ հիւրերուն մէջ եղած են համայնքի հոգեւոր առաջնորդները, մշակութային եւ հասարակական գործիչներ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած այս ժողովածոն։

Գիրքը կը ներառէ շուրջ 50 բանաստեղծութիւններ, որոնք կ'արտացոլեն հեղինակին անցած ճանապարհը, անոր անձնական եւ անանձնական ապրումները հայրենիքի, հաւատարմութեան, սիրոյ, դաւաճանութեան, ընկերութեան եւ մեր օրերու անցուդարձերու մասին։ «Աստղերու Հաւատքով» վերնագիրը պատահական չէ ընտրուած. այս այն բանաձեւն է, որ պէտք է ունենայ իւրաքանչիւրը՝ ձգտելով բարձրագոյն արժէքին, յոյս եւ հաւատք ունենալով աւելի լաւ ապագայի, բայց միեւնոյն ժամանակ, հաւատք ու հաւատարմութիւն ունենալով մնայուն արժէքներու հանդէպ։

Վիգէն Յովսէփեան ամերիկահայ համայնքին ու հայկական սփիւռքին այլ գաղթօճախներուն առաւելապէս յայտնի է որպէս ազգային-հասարակական գործիչ, որ տասնամեակներ շարունակ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է Լոս Անճըլըսի մէջ։ Ստեղծագործական աշխատանքով սկսած է զբաղիլ պատանեկութեան տարիներուն, սակայն, ինչպէս ինք նշած է, այդ կեանքի փորձարարական շրջան եղած է իրեն համար, եւ երբեք չէ մտածած որեւէ գիրք հրատարակելով «պաշտօնականացնել» գրողի իր ձիրքը։ «Երբեք յաւակնութիւն չեմ ունեցած բանաստեղծ համարուելու, քանզի իմ ջանքերն ու ստեղծագործութիւնները շատ համեստ են այդ բարձր կոչումին արժանանալու համար»,- ըսած է Վիգէն Յովսէփեան։

Թէեւ անցեալին անոր հեղինակած բառերու հիման վրայ գրուած են երգեր, բայց Վիգէն Յովսէփեան իր բանաստեղծութիւնները սկսած է ներկայացնել հանրութեան լայն շրջանակին ընկերային հարթակներով միայն 2020 թուականին։ Ինչպէս հեղինակը պատմած է, երաժշտական յատուկ ձեւաւորումներով արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւնն անակնկալ կերպով այնքան աճած է, որ սովորական փորձերը վերածուած են մշտական հրապարակումներու։ Վիգէն Յովսէփեան ուրախութեամբ նշած է, որ արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու նկատմամբ շատ մեծ հետաքրքրութիւն կայ յատկապէս Հայաստանի մէջ, ուստի առաջիկային գիրքը պիտի ներկայացուի նաեւ Երեւանի ընթերցասէրներուն։

«Աստղերու Հաւատքով» գիրքի Լոս Անճըլըսի շնորհանդէսին ժամանակ գրախօսականներով ելոյթ ունեցած են Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, գիրքի սրբագրող, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրակազմի անդամ Ճորճ Ատուրեան, Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս, Library of Congress-ի հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Խաչիկ Մուրատեան, որ Նիւ Եորքէն յատուկ ժամանած էր այս շնորհանդէսին համար։ 

Ինչպէս բանախօսները, այնպէս ալ ներկաները այս գիրքը արժեւորած են քանի մը առանցնքներով։ Նախ՝ գիրքի մեծագոյն արժէքներէն մէկը արեւմտահայերէնի պահպանութեան ու տարածման գաղափարի մէջն է։ Այստեղ կ'արծարծուին բարդ, դժուար ու կեանքի փորձով յագեցած այնպիսի թեմաներ, որոնք կը վերաբերին մեր տեսակին, մեր ինքնութեան ու մեր օրերու խնդիրներուն։ Այս գիրքը դասական չափածոյ ստեղծագործութիւններու ժողովածոյ չէ, այլ ազատ գրուածքով, ոճային առանձնայատկութիւններով պոեմներու հաւաքածոյ է, ուր առանձնակի շեշտադրումներով կը ներկայացուի ժամանակակից մարդու՝ հերոսի ուժը, հաւատարմութիւնը, սիրելու կարողութիւնն ու փորձութիւնները յաղթահարելու բանաձեւումը։

Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու Հաւատքով» գիրքը պիտի ներկայացուի Հայաստանի մէջ  նոյեմբեր ամսուն։ Հեղինակը նաեւ հիմա կը շարունակէ իր աշխատանքները ներկայացնել հանրութեան ընկերային հարթակներու միջոցով։

Նշենք նաեւ, որ Դոկտ. Վիգէն Յոյսէփեան   շնորհանդէսի օրը  հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը, ուր մասնաւորապէս ըսաւ՝

Այս գիրքի ընդմէջէն զրոյցս մարդոց հետ է, եւ այս պարագային հայ ազգի մարդոց եւ հայը ամէն բանէ առաջ մարդ է, եւ ունի այն մարդկային արժանիքները, որոնց վրայ ազգութիւնը պէտք է կառուցուի: Մենք որպէս հնամեայ ազգ, մարդկային այս երթի ընթացքին, որքան որ տուած ենք տակաւին աւելին ունինք տալու մարդկութեան, եւ «Աստղերու Հաւատքով»ը այդ մասին է: Իմ երազս է, ամէնօրեայ ցանկութիւնս է, որ իմ ազգի զաւակներէն իւրաքանչիւրը կարողանայ այդ առաքելութեան մէջ իր դերը ստանձնել: «Աստղերու Հաւատքով» բանաստեղծութիւնը ընտրեցի, որպէս վերնագիր, որովհետեւ համապարփակ ձեւով ոգին կը ներկայացնէ այն յոյսին եւ այն հաւատքին, որոնք մեզի, որպէս մարդ էակներ կը լիցքաւորեն: Ամէնօրեայ առումով կ'արարենք, որովետեւ կը հաւատանք, կը հաւատանք որովհետեւ յոյս ունինք: Այս բոլորը մէկ միասնութիւն են,   մարդը առանց յոյսի ի սպառ կը կորի եւ բոյսի կը վերածուի»:

Հատուած գիրքի նախաբանէն, ուր  հեղինակի ներածական խօսքն է։

«Գործերուս ծանօթացողները յաճախ կը հարցնեն, թէ որո՛նք են բանաստեղծութիւններուս ուժի եւ ներշնչման մնայուն աղբիւրները։ Անկեղծօրէն՝ չեմ գիտեր. սակայն նոյն ատեն վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր միտք, ամէն մէկ պատկեր կամ բանաստեղծական պատմուածք, զորս թուղթին յանձնած եմ` հարազատ արտադրութիւնն է այն բարդ եւ խառն համադրութեան, որ իր ամբողջութեան մէջ՝ միախառն, էութեանս հայելին է. այսինքն՝ միտքեր, զգացումներ, վախեր, յոյսեր, յոյզեր, տագնապներ, յաջողութիւններ, ձախողութիւններ, պոռթկումներ, երազանք, կեանքի փորձառութիւններ...։

Հետեւաբար, եթէ հանդիպիք միտքերու կամ յղացքներու, որոնք յաճախ կը կրկնուին գրութիւններուս մէջ՝ անոնք են զիս շնչող մարդու մը վերածողը, անոնք են որ էութիւնս կը սահմանեն եւ ներաշխարհս կը մատնեն։ Ոչինչ կայ արհեստական, ոչինչ՝ բռնազբօսիկ։

Կը հաւատամ բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի ուժին, որովհետեւ անոնց ճիշդ օգտագործման միջոցով է որ մարդոց երեւակայութիւնները կ՛ալեկոծին, գաղափարներ կը ծնին, պատմութիւններ եւ միտքեր կը ծաղկին ու կը ճոխանան, եւ անոնք կ՚առաջնորդեն հրաշքներու։ Փափաքս է որ գրութիւններուս ընդմէջէն եւ խօսքերուս միջոցով, մարդիկ հին ու նոր զգացումներ ապրելու, մտապատկերներ կազմելու եւ երեւակայութիւն զարգացնելու առիթներ ունենան. վերջապէս, այդ է արուեստի գործի մը գնահատանքի արժեչափը»: