image

Լոս Անճելըս. «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» վարժարանի «Հայ Դատի խորհրդաժողով»ը

Լոս Անճելըս. «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» վարժարանի «Հայ Դատի խորհրդաժողով»ը

Օրերս Լոս Անճելըս հայագաղութի ամէնէն հանրայայտ վարժարաններէն մին համարուող «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» վարժարանը կազմակերպած է աւանդութիւն դարձած «Հայ Դատի խորհրդաժողով»ը։

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց մեր պաշտօնակից ՝ «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

30 Ապրիլին, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանիս աւանդական՝ «Հայ Դատի խորհրդաժողով»ը, որ այս տարի բոլորեց իր 10ամեակը:

Առաւօտեան, Փիլիպոս, Ֆերահեան եւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարաններու երկրորդական կարգի աշակերտ-աշակերտուհիները, իրենց ընկերակցող պատասխանատու ուսուցիչներով՝ համախմբուած էին վարժարանիս շրջափակին մէջ, ուր կը տիրէր հայ հարազատ եւ կենսուրախ մթնոլորտ մը:

Վարժարանիս տնօրէնութիւնը եւ խորհրդաժողովի յանձնախումբի անդամները սիրալիր կերպով հիւրընկալեցին վարժարանս ժամանած ծրագիրին մասնակցող հիւր դասախօսները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը համայնքին մէջ գործօն եւ նուիրեալ անձնաւորութիւն մըն է՝ իր ընկերային, ազգային, քաղաքական, արհեստագիտական, իրաւաբանական, մշակութային թէ առողջապահական յատուկ մասնագիտութեամբ:

Աշակերտները նախօրօք ստացած էին յատուկ թղթապանակները, որոնց մէջ արձանագրուած էին իւրաքանչիւր դասախօսի մասնագիտական եւ գործնական տուեալները ու տեղեկութիւնները:

Խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ դպրոցին մարզասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ վարժարանիս տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանի եւ ներկայութեամբ Խնամակալ մարմինին, ՀԵԴին, ուսուցիչներուն, դասախօսներուն եւ մասնակցող աշակերտներու: Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց երկրորդական բաժինի կրթական ծրագիրի համակարգող եւ պատասխանատու Արփի Սահակեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ վարժարանիս մէջ «Հայ Դատի խորհրդաժողով»ի հիմնադրութեան եւ յաջորդական տարիներուն ապահոված մեծ յաջողութիւններուն՝ նշելով, որ ներկայիս անիկա առաւել կարեւոր է, նկատի ունենալով, որ մեր ժողովուրդը կ՛ապրի անկայուն ընկերային-քաղաքական պայմաններ՝ հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Սահակեան հրաւիրեց վարժարանիս յարգարժան տնօրէնուհին, որ իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ ըսաւ. «Սիրելի աշակերտներ, Հայ Դատին նուիրուած այս օրը թող դրոշմուի ձեր միտքերուն մէջ՝ իբրեւ ազգին ու հայրենիքին պատկանելութեան Ուխտի օր: Մեր սիրելի շրջանաւարտ դասախօսներ եւ յարգելի հիւր բանախօսներ, այսօր «Փիլիպոս»ը հպարտ է ձեզմով եւ երախտապարտ է ձեր ազգային գործունէութեան եւ նուիրումի ճամբուն վրայ ձեռք բերած ձեր յաջողութիւններով: Մեր աշակերտները այսօր պատրաստ են ձեր մասնագիտական գիտելիքներով եւ փորձառութիւններով հարստանալու, զինուելու եւ ինքնավստահ որոշումներ տալու՝ իրենց ազգանուէր եւ հայրենանուէր ապագայ աշխատանքներուն ընթացքին»։

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Թամար Թիւֆէնքեան փոխանցեց մարմինին խօսքը՝ դրուատելով վարժարանիս Հայ Դատին նուիրուած այս ծրագիրը եւ քաջալերեց աշակերտները՝ հարստանալու բարձր գիտութեամբ եւ ազգային ու հայրենական իմացութեամբ, նուիրուածութեամբ նպաստելու համար մեր ժողովուրդի արդար դատի լուծման:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ)ի նուիրեալ անդամներէն Գէւ Իսքաճեան, որ Արցախի վերջին պատերազմի օրերուն եւ յետ-պատերազմեան դժուար պայմաններուն մէջ, մօտիկէն ապրած, հետեւած եւ գործած էր՝ նպաստելու բռնի տեղահանուած արցախահայերու առօրեայ հարցերու մասամբ լուծման ուղղութեամբ: Ան կիսեց իր ապրումները եւ խոր յոյզերը Արցախի պատերազմի օրերուն եւ անոր ցաւոտ հետեւանքներուն ի տես, ան փորձեց քաջութիւն եւ ինքնավստահութիւն ներշնչել երիտասարդներուն մէջ՝ յորդորելով, որ անոնք դառնան կրթեալ եւ հմուտ մասնագէտներ եւ նուիրուած ազգայիններ, որոնց կարիքը առաւել եւս ունի այսօր մեր ժողովուրդը իր ներկայ՝ ընկերային, ազգային եւ քաղաքական զանազան բարդ պայմաններուն մէջ:

Տպաւորիչ էր, ազգին ու հայրենիքին նուիրուած եւ անոնց դաժան առօրեան մօտիկէն կիսած բանախօսին ելոյթը:

Բացման արարողութենէն ետք, աշակերտները խումբերով ուղղուեցան իրենց ընտրած դասախօսներուն սենեակները եւ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան անոնց փոխանցած գիտելիքներուն եւ փորձառութիւններուն, ինչպէս նաեւ հարցում-պատասխանի միջոցով առաւել եւս լուսաբանուեցան:

Միջանկեալ դադարէ մը ետք, աշակերտները երկրորդ փուլին միացան այլ դասախօսներու, եւ աւարտին, հարցախոյզներով իրենց անհատական արժեւորումները փոխանցեցին օրուան ծրագիրին մասին:

Ապա, վարժարանիս տնօրէնութեան կողմէ հիւրասիրուած ճաշի դադարին, աշակերտները մտերմիկ եւ հարազատ ընկերային խանդավառ պահով մը առաւել մտերմացան իրարու հետ:

Դասախօսական ծրագիրին աւարտին, քոյր վարժարաններու աշակերտները եւ անոնց ընկերակցող ուսուցիչները հրաժեշտ տուին եւ հեռացան:

Վարժարանիս աշակերտները դիտեցին եւ ունկնդրեցին՝ Արցախի երեք պատերազմներուն մասին պատրաստուած վաւերագրական «Կամաւորներ» տեսերիզը, որուն ընթացքին, Արցախի ցաւոտ կորուստին եւ արցախահայութեան բռնի արտագաղթին անարդարութեան հանդէպ՝ ազգային պայքարի զգացումներով համակուեցան անոնց միտքերն ու հոգիները:

Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, ինչպէս միշտ, այս ծրագիրով նաեւ հաստատեց իր հաւատարմութիւնը մեր ազգային առաքելութեան եւ Հայ Դատին հանդէպ:

Վերջապէ՛ս, խորհրդաժողովին 10ամեայ ծրագիրը եւ անոր յաջողութիւնը փայլուն յաղթանակ մըն է վարժարանիս տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ յատկապէս Հայկական բաժանմունքին համար: