image

Լոնտոնի մէջ աճուրդի հանուած է Շարլ Տըկոլի բնակարանը

Լոնտոնի մէջ աճուրդի հանուած է Շարլ Տըկոլի բնակարանը

Լոնտոնի ամէնէն ընտիր (էլիտար) Հեմփսթըտ թաղամասին մէջ վաճառքի հանուած է տուն մը, ուր 20-րդ դարու կէսերուն ապրած է Ֆրանսայի Հինգերորդ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ, զօրավար Շառլ տը Կոլը, կը յայտնէ Mansion Global-ը:

Ըստ պարբերականի՝  տը Կոլ եւ անոր ընտանիքը ապրած են առանձնատան մէջ 1940 -ականներուն, երբ նացիստները վերահսկողութիւն հաստատած էին Ֆրանսայի վրայ: Զօրավարի կինը՝ Իվոն տը Կոլը, հաւեր կը պահէր բակին մէջ՝ կրտսեր դուստրը թարմ ձուերով կերակրելու համար:

Գեղատունը, որ կառուցուած է 18-րդ դարու կէսերուն, գնահատուած է 15 միլիոն ֆունտ սթերլինկ եւ վերջին անգամ վաճառուած է աւելի քան կէս դար առաջ:

Պատմական կառոյցի վաճառքով կը զբաղին Bargets Estate Agents եւ Knight Frank գործակալութիւնները: Տան ընդհանուր մակերեսը գրեթէ 1.4 հազար քառակուսի մեթր է: Անշարժ կալուածի միջմորդները կը կարծեն, որ առանձնատունը գնելու համար մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն «ատարբեր կողմեր»: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ զօրավար Շառլ տը Կոլը կը կռուէր նացիստական ​​Գերմանիոյ զօրքերու դէմ, իսկ 1940 թուականին Փարիզի գրաւումէն ետք ան Լոնտոնի մէջ հիմնադրեց «Ազատ Ֆրանսա» կազմակերպութիւնը: Մեծ Բրիտանիոյ մէջ գործունէութիւնը զօրավարին Դիմադրութեան շարժման առաջնորդներէն մէկը դարձուց:

Ֆրանսայի ազատագրումէն ետք 1944-ին Շառլ տը Կոլը Ֆրանսայի կառավարութեան նախագահ դարձաւ, բայց երկու տարի անց ան թողեց այս պաշտօնը եւ բնակութիւն հաստատեց Քոլոմպէյ-լե-Տե-Էկլիզի կալուածքին մէջ: 1950-ականներու վերջը՝ երկրին մէջ ճգնաժամի դարաշրջանին, տը Կոլ վերադարձաւ քաղաքականութիւն եւ սահմանադրական բարեփոխում նախաձեռնեց, որ յանգեցուց այսպէս կոչուած Հինգերորդ Հանրապետութեան հիմնադրման: 1959 թուականին տը Կոլ դարձաւ Ֆրանսայի նախագահ եւ զբաղցուց այդ պաշտօնը տասը տարի: 1970 թուականին՝ թոշակի անցնելէ մէկ տարի անց, ան մահացաւ: