Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն (CPJ) հրապարակած է իր տարեկան զեկոյցը ամբողջ աշխարհի մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ։ Թուրքիան աշխարհի մէջ լրագրողներու բանտարկութիւններու առումով առաջատարներու կարգին է։
Զեկոյցին համաձայն՝ «աշխարհի մէջ լրագրողներու բանտարկութիւնները նոր մրցանիշ սահմանած են 2021 թուականին»։
2021-ին բանտարկուած է 293 լրագրող՝ 2020 թուականի 280-ի դիմաց: Այս տարի առնուազն 24 լրագրող սպաննուած է աշխատանքը կատարած ատեն, եւս 18-ը, ըստ տեղեկութիւններուն, սպաննուած են «չպարզուած հանգամանքներով»:
Երրորդ տարին անընդմէջ Չինաստանը կը շարունակէ մնալ «աշխարհի մէջ լրագրողներու վատագոյն բանտարկեալը»․ 50 լրագրող ճաղերու ետեւ է: 1 Փետրուարի ռազմական յեղաշրջման յաջորդած Զանգուածային լրատուական միջոցներու ճնշումներէն յետոյ Միանմար բարձրացած է երկրորդ հորիզոնական: Առաջատարներու հնգեակի մէջ են Եգիպտոս, Վիեթնամ, Պելառուսիա։ Թուրքիան վեցերորդ տեղն է։
Ինչպէս նշած է CPJ-ն, 2016-ի անյաջող յեղաշրջման փորձէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնաճնշումները փաստացիօրէն ոչնչացուցած են երկրի հիմնական լրատուամիջոցները եւ շատ լրագրողներու դրդած հեռանալ աշխատանքէն։